2014-09-05 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 5 սեպտեմբերի քարոզը` Աւետարանը նորութիւն է , չվախնալ Եկեղեցւոյ բարենորոգումներէն։


Ուրբաթ, 5 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին մատնանշեց թէ ''Քրիստոնեան պէտք չէ ստրուկ ըլլայ օրէնքներուն այլ՝ պէտք է, որ սիրտը բանայ Սիրոյ նոր Օրէնքին''։ Փարիսեցիները կ՛ուզէին ծուղակի մէջ դնել Յիսուսը՝ Անոր հարց տալով թէ ինչո՞ւ առաքեալները ծոմապահութիւն չէին ըներ։ Յիսուսին պատասխանը եղաւ, ''Նոր Գինին նոր տակառներուն մէջ լեցուցէք''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց, թէ ''Ժողովուրդը կը պահպանէր Օրէնքը՝ բանտարկեալներու նման, սպասելով Աստուծոյ խոստացած նոր օրէնքին, որ պիտի ուղղարկէր Որդիին միջոցաւ'' ու ապա ընդգծեց, թէ ''Աւետարանի նորութիւնը այս է` գերազանցել օրէնքը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ընդգծեց հարկաւորութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու՝ թողելով խախուտ կառոյցները որոնք չեն ծառայեր, եւ օգտագործել նոր տակառը՝ Աւետարանը։
Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայցեց Տիրոջմէ որ պարգեւէ մեզի շնորհքը՝ չմնալու բանտարկեալներ, եւ ընդունելու Աւետարանէն բխած նորութիւնը, որ է ուրախութիւն եւ ազատութիւն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.